2015-03-16 13:50:00

Հայ Սկաուտի Օր` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին


Ազգային պատկանելիութեամբ հպարտանալու առիթ մը եղաւ հայ սկաուտի օրը` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 14 Մարտին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Էմիլ Լահուտ» սրահին մէջ` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ Շրջանային սկաուտական խորհուրդին ու խմբապետական կազմին կազմակերպութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը։

Սրահի մուտքին հպարտ ու աշխուժ կանգնած էր ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը, որ կը դիմաւորէր օրուան պաշտօնական հիւրերը: Խանդավառ մթնոլորտ մը կը խայտար ամէնուրեք. բոլոր տարիքի սկաուտներու ներկայութիւնը բերկրանքով ու հպարտութեամբ կը լեցնէր բոլորին սրտերը: Մուտքին տեղադրուած էին սկաուտական ձեռային աշխատանքներ, սկաուտական կապերով պատրաստուած գործեր ու պաստառներ, որոնք ընդհանրապէս կը վերաբերէին Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայութեան յարութեան ու գոյատեւումին:

Հանդիսութեան բացումը կատարեց ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը` հնչեցնելով Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ալին Լիպարեան- Քեչեպաշեան, որ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու Մեծ եղեռնի զոհերուն յիշատակը: Ան ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած այս հանդիսութիւնը կ՛ենթադրէ հաւատարիմ մնալ ազգին ու անձնուրաց կերպով գործել անոր երազներու իրականացման ի խնդիր, միաժամանակ յարգել ու մեր սրտին մէջ անթեղուած պահել Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը: Ան յիշեց, թէ ինչպէ՛ս Շաւարշ Քրիսեանի, Հինդլեանի եւ Յակոբեանի հիմնադրած սկաուտական շարժումը դար մը ամբողջ ներշնչած է իրերայաջորդ սերունդներ, որոնք մինչեւ այսօր հաւատարիմ կը մնան սկաուտական շարժման եւ անքակտելի մէկ մասնիկն են հայ ժողովուրդին:

Ան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով, որ ՀՄԸՄ-ականը այն պահանջատէր հայն է, որ իր սկզբունքով ու գործունէութեամբ պիտի շարունակէ մեր դատն ու իրաւունքները յիշել, յիշեցնել եւ պահանջել:

Ապա հրաւիրուեցաւ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի նախագահ, խմբապետ Ժոզեֆ Խալիլ, որ իր խօսքին մէջ նախ անդրադարձաւ, թէ ինչպէ՛ս 100 տարի առաջ Պէյտըն Փաուըլ հիմնեց սկաուտական կարգերը, որոնք շուտով տարածուեցան աշխարհով մէկ եւ դարձան դաստիարակչական, կրթական այն դպրոցը, որուն նպատակն էր դաստիարակել հայրենիքն ու հայրենի տունը պահող ու սիրող սերունդներ:

Ան յայտնեց, որ հանդիսութիւնը ունի երկու առիթ. մէկը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչումն է, իսկ միւսը` Հայ սկաուտի օրուան նշումը: Ան յիշեց, թէ ինչպէ՛ս 100 տարի առաջ հայութիւնը կրեց անմարդկային վայրագութիւններ, արմատախիլ եղաւ իր պապենական հողերէն եւ դարձաւ գաղթական: Ան ըսաւ, որ ներկայիս պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, որովհետեւ այսօր ալ կը հանդիպինք մարդկային իրաւունքներու ոտնահարման, փոքրամասնութիւններ կ՛ենթարկուին հալածանքի ու եղեռնագործութեան, եւ տարիներով իրենց կերտած ու կառուցած մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը կը բնաջնջուին:

Հայ սկաուտի օրուան նշումին անդրադառնալով` Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի նախագահը դիտել տուաւ, որ Լիբանանի ՀՄԸՄ-ը Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի լիիրաւ անդամ է, ունի իւրայատուկ ներկայութիւն եւ ազդու դերակատարութիւն: Ըստ անոր, Լիբանանի ՀՄԸՄ-ը լիբանանեան իրականութեան տիրական բաղադրիչներէն է, որ մեծ ներդրում ունի սիրոյ մշակոյթին, խաղաղութեան պատգամին եւ եղբայրութեան ոգիին տարածման մէջ:

Ան նկատել տուաւ, որ չարն ու բարին միասնաբար գոյութիւն ունին մեր առօրեային մէջ եւ ամէնուրեք: Սկաուտական դպրոցը բարին ցանելու կոչուած այն կառոյցն է, որ կը սնուցանէ եղբայրական ոգին եւ կը կերտէ կարգապահ մարդը բոլոր ազգերուն մէջ:

Ժոզեֆ Խալիլ կոչ ուղղեց բոլորին, որ վերանորոգեն իրենց հաւատքը իրենց հայրենիքին, եղբայրութեան, սկաուտական սկզբունքներուն ու նպատակներուն նկատմամբ, միասնաբար աշխատին ընդդէմ չարին` յանուն երիտասարդներու լուսաւոր ապագայի կերտման, որպէսզի անոնք ըլլան բարի թթխմորը այս աշխարհի խմորին մէջ:

Այնուհետեւ բեմը յանձնուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի եօթը մասնաճիւղերու` Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Այնճարի, Անթիլիասի, Ժտէյտէի, Պաուշրիէի եւ Ռաուտայի սկաուտներուն: Յատկանշական էր, որ բոլոր պատկերներուն զուգընթաց ցուցադրուեցան համապատասխան նկարներ ու շարժապատկերներ:

Առաջին բաժինով սկաուտները կենդանի պատկերներով յաջողեցան ո՛չ միայն ներկայացնել Հայոց ցեղասպանութեան տեսարանները, այլ ներկաները մղեցին վերապրելու ջարդի սահմռկեցուցիչ ցաւը, հայ ժողովուրդին կրած արհաւիրքները: Կենդանի պատկերները տեղի կ՛ունենային ասմունքի եւ պատմողներու կատարողութեամբ: Ողբի տեսարաններուն անմիջապէս յաջորդեցին մահուան դէմ յաղթանակի պատկերները, եւ այս անգամ սկաուտները ներկայացուցին այն իրականութիւնը, թէ ինչպէ՛ս ցիրուցան եղած հայերը կեանքին կառչած աշխատեցան, ապրեցան ու ապրեցուցին հայ արհեստները, մշակոյթն ու արուեստը, երգն ու պարը: Ու երբ հնչեց Եարխուշտան, սրահի բոլոր անկիւններէն շարքերով ներս մտան սկաուտները` շուրջպար բռնած: Ապա բուրգեր կազմելով սկաուտները ներկայացուցին հայ ժողովուրդի քրիստոնէութեան ու հաւատքի աղբիւրը` եկեղեցին, ու մեր ինքնութեան խորհրդանիշը` Արարատը:

Իսկոյն շեփորախումբի նուագը թնդացուց սրահը, տողանցեցին սկաուտները, որոնք իրենց շարքերով բարձրացան բեմ` ներկայացնելով Հայաստանի Ա. հանրապետութեան անկախութիւնը: Յիշուեցաւ նաեւ Նեմեսիսի գործողութիւնը, եւ այս մասին ցուցադրուեցաւ վաւերագրական շարժապատկեր: Ապա նկարներով ցուցադրուեցաւ հայերուն եւ ՀՄԸՄ-ին ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ:

Վերջին պատկերով շեփորախումբն ու սկաուտները կրկին տողանցելով իրենց տեղը գտան բեմին վրայ: Կոչ ուղղուեցաւ բոլոր ներկաներուն` ոտքի կանգնելու: Սկաուտները իրենց պատուոյն վրայ խոստացան պահանջել հայ ժողովուրդին իրաւունքները եւ հաւատարիմ մնալ ազգային արժէքներուն:

Հանդիսութեան աւարտին բոլոր ներկաները դուրս եկան սրահէն` իրենց ձեռքին ծաղիկներ, շրջապատեցին սկաուտներուն կողմէ կառուցուած Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտը: Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան իր հայրական պատգամը փոխանցեց եւ ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը լաւագոյն առիթն է հայ սկաուտութեան համար վերակազմակերպելու իր շարքերը, ազգային, հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներով վերընձիւղելու իրենց կեանքը: Ան ըսաւ, թէ անցեալի մեր փորձառութեան ապաւինելով պիտի հասնինք մեր նպատակներուն եւ պիտի իրականացնենք մեր ժողովուրդին երազները: Ան եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Թո՛ղ օրհնեալ ըլլայ մեր նահատակներուն յիշատակը, թո՛ղ Աստուած պահէ հայ ժողովուրդը, ամրացնէ Հայաստան աշխարհի անկախութիւնը»: Ապա ներկաները մօտեցան ու ծաղիկներ զետեղեցին անմար կրակին շուրջ եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին նահատակներու յիշատակին:

Ոգեշնչող եւ յուսադրող այս հանդիսութիւնը հաստատեց, որ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքերը յատկապէս հայրենիքէն դուրս հայօրէն գոյատեւելու կարեւոր երաշխիքներէն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.